Lyrics Syria Hay Kacher - Karnig Sarkissian
Հիւրընկալ
Սուրիոյ
երկինքը
պայծառ,
Պատեց
արիւն,
մահ,
արցունք
ու
խաւար,
Վտանգուեցաւ
հայ
ազգը
կրկին,
Եւ
տուաւ
անմեղ
շատ
զոհեր
անգին:
Ազգիս
պատիւը
բաձր
պահելու,
Ծնունդ
առին
նոր
հերոսներ
հուժկու,
Դուք
քաջեր,
իբրեւ
վայրի
յովատակ,
Դարձաք
հրձիգ,
ամուր
սիրտ
անխորտակ:
Կրկներգ.
Մայթերու,
թաղի
մութ
անկիւններուն,
Կը
հսկէք
գիշեր,
ցերեկ,
աննկուն,
Ռումբերու
պայթում
կամ
ալ
վիրաւոր,
Անվարան
դէպքի
վայրն
էք
կամաւոր:
Մնացիք
կանգուն,
մնացիք
արթուն,
Հարկ
եղած
դէպքին
հասաք
ամէնուն,
Ապրիք
հերոսներ,
դուք
հազար
ապրիք,
Որ
ձեր
սուրբ
երդման
հաստատ
մնացիք:
Ձեզ
փառք,
հիացում
սուրիահայ
տղաք,
Յաւէտ
միակամ,
ամուր
կը
մնաք,
Գաղափարը
կուռ,
ձեր
խենթ
սրտերուն,
Կը
կերտէք
շքեղ,
նոր
վեհ
պատմութիւն:
Ով
դուն′
Սուրիահայ
կը
տոկաս
ընդմիշտ,
Կը
վարարես
ցաւն,
վերքերդ
ու
վիշտ,
Սուրբ
Գէորգով,
Սուրբ
Նահատակացով,
Զինուած
ազգային
վսեմ
հաւատքով:
Attention! Feel free to leave feedback.